News/Նորություններ

Հայաստանի Ժողովրդային Շարժումին Աջակցող Մարմինը հայտարարություն է տարածել

«Հայաստանի եւ սփիւռքի համայն հայութիւնը վերջին օրերուն ալեկոծուած է ու ալեխռով: 

Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ապազգային ու ձախողած քաղաքականութիւնը, անպատժելիութեան մթնոլորտը իշխանական վերնախաւին մօտ, անտարբերութիւնը՝ ժողովուրդի դժգոհութեան, համատարած աղքատութեան եւ կործանարար արտագաղթի հանդէպ, ոտքի հանած է հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու, մեր հայրենիքէն ներս եւ ի սփիւռս աշխարհի: 

Այս իշխանութիւնը սովոր է եւ ընդունակ, յարձակելու, ծեծ ու ջարդի, բռնութիւններու, ձերբակալութիւններու եւ նոյնիսկ սպանութիւններու: 

 Եւ քանի որ քաղաքական պայքարի դուրս եկած է մեր ոսկի երիտասարդութիւնը, մենք մեր զօրակցութիւն կը յայտնենք Հայաստանի մէջ օրէցօր ծաւալուող ու հզօրացող ազգային ազատագրական պայքարին եւ կը պահանջենք.

 Սերժ Սարգսեանի անյապաղ հրաժարականը վարչապետի պաշտօնէն. 

 Ազգային ժողովի լուծարում եւ նոր ազգային ժողովի ընտրութիւն. 

Այս բռնապետութեան օրօք յանցագործութիւն կատարած եւ անպատիժ մնացած անհատներու ձերբակալութիւն եւ դատապարտում. 

Խստիւ կը դատապարտենք ազգային ժողովի պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանի, Սասուն Միքայէլեանի եւ Արարատ Միրզոյեանի ապօրէն ձերբակալութիւնը եւ կը պահանջենք անոնց անյապաղ ազատ արձակումը։ 

Այսպիսով՝ կը միանանք «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան, տարածելով օրուայ հրամայական դարձած կարգախօսը՝ «Քայլ արա, մերժիր Սերժին»:

Հայաստանի Ժողովրդային Շարժումին Աջակցող Մարմին Միացեալ Նահանգներ

 

http://galatv.am

Related posts

Leave a Comment